Լիբանանի մէջ, ինչպէս այլուր, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով միութենական զանազան աշխատանքներ որոշ ժամանակ մը մասամբ դադրեցան: Վերջերս, առողջապահական համեմատաբար աւելի բարենպաստ պայմաններու շնորհիւ, ազգային-միութենական կեանքը հետզհետէ կը վերաշխուժանայ: Այս ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 հոկտեմբեր 2021-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ընթացք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած սեմինարը: Սեմինարի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, որ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Վիգէն Աւագեան յաջորդաբար ներկայացուցին հետեւեալ նիւթերը. «Լիբանանահայութիւնը ներկայ մարտահրաւէրներուն ընդառաջ» եւ «Ազգային-միութենական մեր կեանքը եւ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը»: Զոյգ դասախօսութիւններու աւարտին առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու: եմինարի երկրորդ օրը, կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան խօսեցաւ «Ղեկավարութեան հմտութիւններ»-ու մասին: Աւարտին, ան վարեց յիշեալ նիւթին առնչութեամբ աշխատանոց մը, որուն ընթացքին սեմինարի մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակներով խորհրդակցելու եւ իրենց կարծիքները արտայայտելու: Սեմինարի երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 6-7 նոյեմբերի շաբաթավերջին:

Աղբյուրը՝ Azdagdaily.com