ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ հայութեան համար երկար տարիներու երազանք մըն էր ունենալ զանգուածային լրատուամիջոց մը: Իր պատրիարքութեան շրջանին, Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պաշտօնի կոչած էր համայնքէն կարգ մը անձեր, որպէսզի ուսումնասիրեն ձայնասփիւռի կայան մը հաստատելու պայմանները: Այդ ապարդիւն նախափորձէն տարիներ ետք, այս անգամ կեանքի կոչուած է նոր նախաձեռնութիւն մը՝ «Լոյս Թի.Վի.» անունով: Անիկա արդէն ունեցած էր նախափորձի շրջան մը համացանցի վրայ եւ այժմ իր հաղորդումները կը սփռէ «Թիւրքսաթ» արբանեակին միջոցաւ: Այսպէսով, «Լոյս Թի.Վի.»ն կը հանդիսանայ Թուրքիոյ առաջին հայկական պատկերասփիւռի կայանը, որ իր հաղորդումները պիտի կատարէ երկլեզու դրութեամբ:

Աղբյուրը՝ Asbarez