«Կը Մնանք Ամբողջականօրէն Զօրակից Մեր Հերոս Բանակին Ու Հայաստանի Քաջարի Ժողովուրդին»
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի Արեւելեան սահմանը՝ Սիւնիքի շրջանը, Ատրպէյճանի յարձակումով ներթափանցումը, որ հերթական խախտումն է Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան:
Ռուսիա՝ իբրեւ դաշնակից պետութիւն, համաձայնագիրներով հաստատուած յստակ պարտաւորութիւններ ունի՝ յարձակումի մը պարագային պաշտպանելու Հայաստանը, մանաւանդ շրջանին մէջ այժմ իբրեւ խաղաղապահ ներկայացող ուժ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը պէտք է իրենց անմիջական դերը կատարեն՝ կանխելու այս ոտնձգութիւնները: Հակառակ զինադադարի յայտարարութիւններուն՝ անցեալի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ այս զինադադարները փխրուն եւ ժամանակաւոր են, ու յարձակողը առաւել յանդուգն կը դարձնեն, առանց հարցը լուծելու: Խոր մտահոգութեամբ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, եւ յա՛տկապէս վարչապետին՝ դուրս գալու տեղի տալու եւ պարտադրուած կացութիւններու յարմարելու իրավիճակէն, ի գործ դնելով դիւանագիտական եւ զինուորական յանդուգն քայլեր, ետ մղելու համար ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները:
Նաեւ կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, եւ յա՛տկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքի զաւակներուն, որ զգօն ու պատրաստ ըլլան, ի հարկին ամէն մէկը իր կարողութեան եւ միջոցներու ամբողջական տրամադրումով, անգամ մը եւս պաշտպանելու մեր հայրենի հողն ու ժողովուրդը:
Կը մնանք ամբողջականօրէն զօրակից եւ թիկունք մեր հերոս բանակին ու Հայաստանի քաջարի ժողովուրդին:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Աղբյուր՝ asbarez.am